2011-03-04 14:57:37

Կարտինալ Լիովերայի Յայտարարութիւնը Ծիսակատարութեան Մասին։


՝՝Սուրբ խորհուրդներու մատակարարումը անբաժան մէկ մասն է աստուածային պաշտամունքին եւ թէ ծիսակատարութիւնը Աստուծոյ գործն է՝՝ յայտարարեց կարտինալ Լիովերա կառավարիչը Աստուածային Պաշտամունքի Ժողովին։
Մամուլին հետ ունեցածիր ելոյթի ընթացքին սպանացի կարտինալը հաստատած է թէ ՝՝կարելի չէ նոր աւետարանութիւնը կատարել առանց ծիսակատարութեան՝՝ ընդգծելով թէ ծիսակատարութիւնը հիմն է քրիստոնեական ապրումին։ Ան ցաւով յայտնեց թէ ներկայիս բազմաթիւ հաւատացեալներուն համար ծիսակատարութիւնը դադրած է ըլլալէ ՝՝հոգին եւ ակնաղբիւրը՝՝ քրիստոնեական կեանքին։ Ուստի հարկաւոր է որ հաւատացեալները գիտակցին թէ ծիսակատարութիւնը նախ եւ առաջ Աստուծոյ գործն է եւ ոչ մէկ բան կարող է փոխանակել ծիսակատարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.