2011-03-04 14:23:50

Եւրոպայի Հարաւ Արեւելքի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի 11րդ Հանդիպում


Հինգշաբթի 3 մարտին` Կիպրոսի Մարոնի եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Եուսէֆ Սուէյֆի հրաւէրով` Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի հարաւ արեւելքի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի 11րդ հանդիպումը որուն մասնակցեցան Ալպանիոյ, Պոզնիայի, Պուլկարիոյ, Կիպրոսի, Յունաստանի, Մոլտավիայի, Րոմանիոյ եւ Թուրքիոյ եպիսկոպոսական դասի ներկայացուցիչները՝ նաեւ համաշխարհային եպիսկոպոսական Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբերու համահաւաք դասը։ Հաւաքին ի մէջ այլոց իր մասնկացութիւնը կը բերէ Կիպրոսի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Պատրիարք Քրիզոստոմոս Բ. ինչպէս նաեւ Պապական Նուիրակ Անթոնիօ ֆրանքօ արքեպիսկոպոսը։ Հաւաքի գլխաւոր շօշափուած նիւթերէն մին եղաւ <<երիտասարդներու հովութիւնը>> ի պատրաստութիւն 16-21 օգոստոս մատրիտի մէջ տեղի ունենալիք երիտասարդներու համաշխարհային օրուան։ Պիտի ներկայացուին զանազան երկիրերու եպիսկոպսական համահաւաք դասերու տեղեկատուութիւններ ապա պիտի քննարկուին Աւետարանի քարոզչութեան հայող հարցերը այն երկիրներու մէջ ուր կաթողիկէութիւնը փոքրամասնութիւն նկատուած է եւ ուր կը տիրապետէ աշխարհականացումի վտանգը։ Հաւաքը առիթ պիտի ըլլայ նաեւ համամիութենական հանդիպումներու եւ վերջ պիտի գտնէ սուրբ պատարագով` Կիրակի 6 մարտի առաւօտուն Նիքոզիայի Մարոնիթ եկեղեցւոյ մէջ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.