2011-03-04 14:52:31

Եւրոպական Միութեան Հրաւէրը Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին։


28 փետրուարին Եւրոպական Միութեան ազգային ժողովին լեհ նախագահը Պիւզէք հանդիպում ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Խօսակցութիւններու ընթացքին մասնաւորապէս շօշափուեցաւ ներկայի հրատապ հարցերը որոնք տեղի կ'ունենան հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, մաղթելով որ այդ աշխարհամասին մէջ տիրէ ժողովրադավանութիւնը ու հանրավարութիւնը։ Իր այս հանդիպումին ընթացքին տիար Պիւզէք հրաւիրեց Սրբազան Քահանայապետը այցելելու Եւրոպայի Միութեան ազգային ժողովը։ Ասիկա երկրորդ անգամն է որ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրուի այցելելու Եւրոմիութեան ազգային ժողովը։
Այս հանդիպումէն ետք նախագահ Պիւզէք տեսակցեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ Վատիկանի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Արքեպիսկոպոս Մամպերթիի հետ։ Խօսակցութիւնները կեդրոնացան մասնաւորապէս ՜՜կրօնական ազատութեան ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կապի ու բերած սատարի մասին Եւրոպական Միութեան՝՝ նիւթերու վրայ ։ Վատիկանի դիւանագէտը ապա իր դիտողութիւնները ըրած է Եւրոպական յանձնախումբին հրապարակած 2011ի օրացոյցին մասին, ուր չեն յիշուած քրիստոնէական տօները։










All the contents on this site are copyrighted ©.