2011-03-03 12:45:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Մտահոգութիւնը Լիպիայի Տագնապին Ի Տես ։


Իր գրասենեակին մէջ ընդունելով ՄԱԿի համաշխարհային սննդառութեան ծրագրի տնօրէնուհի՝ տիկին Ժոզէթ Շիրան, Սրբազան Քահանայապետը իր մտահոգութիւնը յայտնած է ՄԱԿի դիւանագէտին Լիպիայի տագնապին համար, որուն հետեւանքով բազմահազար Լիպիացիներ անել վիճակի մէջ կը գտնուին։ Ամերիկացի դիւանագէտը խորապէս զգացուած ի տես Սրբազան Հօր ցուցաբերած մտահոգութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց կաթողիկէ եկեղեցիին բերած թանկագին աջակցութեան համար լաւագոյնս դիմագրաւելու մարդկային այդ ողբերգութիւնը։ Նշենք թէ կաթողիկէ բազմաթիւ բարեսիրական հաստատութիւններ կը համագործակցին ՄԱԿի համաշխարհային սննդառութեան ծրագրին հետ եւ մասնաւորապէս Գարիթասը եւ Սուրբ Էճիտիոսի հասարակութիւնը։ Այս ուղղութեամբ յայտնենք թէ Զուիցերիոյ Գարիթասը մեծ գումար մը տրամադրած է Լիպիայէն խոյս տուող օտար բանւորներուն անմիջական օգնութեան համար։ Իր կարգին Լիպիայի առաջնորդը գերապայծառ Մարթինելլի կոչ ուղղած է Իտալիոյ կառավարութեան որպէսզի օգնութեան հասնի Լիպիայէն դուրս հանելու համար Էրիդրէացի շուրջ 2000 փախստականները, որոնք ապաստան գտած էին Լիպիայի մայրաքաղաքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.