2011-03-03 12:45:19

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Նորին Արբութիւնը այս առաւօտ իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Տիար Սէպասդիան Բինէյրան Չիլէի Հանրապետութեան Նախագահը ու անոր ընկերացող շքախումբը։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց փիլիպեան կղզեխումբի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն 27 եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը կատարելու Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հանդիպումը Հռոմի թեմի ժառանգաւորներուն հետ։
Ինչպէս ամէն տարի ՜՜Վստահութեան Տիրամօր՝՝ տօնին առթիւ, պաշտպանը՝ Հռոմի աւագ նորընծայարանին, Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը 4 մարտ 2011-ին հանդիպում պիտի ունենայ ժառանգաւորներուն հետ, Լատերանի պալատի մեծ մատրան մէջ։ Այս առթիւ Սրբազան Հայրը կարեւոր ճառ մը կ'արտասանէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.