2011-03-03 12:20:48

Լիպիան Քաօսի Մէջ։ Կետտաֆիի Նոր Յայտարարութիւնները։


Մոամմար Կետտաֆիի հակառակորդ ուժերը երէկ ետ մղեցին անոր հաւատարիմ ուժերը, որոնք կը փորձէին գրաւել ծովեզերեայ քարիւղի կեդրոն եղող Պրէկա քաղաքը։ Ասիկա Արեւելեան Լիպիոյ վրայ վերահսկողութիւնը կորսնցնելէ ետք լիպիական վարչակարգին կողմէ այդ շրջանին մէջ առաջին հակայարձակողականն էր։ Անցնող շաբաթներուն Կատտաֆիի հաւատարիմ ուժերուն գործունէութիւնը կեդրոնացած էր Արեւմտեան Լիպիոյ մէջ, ուր կամրապնդէին մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ գտնուող իրենց դիրքերը եւ բախումներ կ՝ունենային մօտակայ քաղաքներու մէջ գտնուող ըմբոստ ուժերու հետ։
Միւս կողմէ, մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ իր վարչակարգի հաստատման տարեդարձին առիթով Կատտաֆի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յայտարարեց ՝՝Մինչեւ վերջին մարդն ու կինը պիտի կռուինք՝՝։ Ան Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները քննադատեց զինք հրաժարելու մղելու համար իր վրայ անոնց գործած ճնշումներուն համար, զգուշացնելով միաժամանակ որ հազարաւոր լիպիացիներ պիտի մեռնին, եթէ Ամերիկան եւ ՕԹԱՆ-ի ուժերը միջամտեն տագնապին ։
Միացեալ Նահանգներ Լիպիոյ ծովափին մօտեցուցին 3 մարտանաւեր ու օդանաւակիրներ եւԿատտաֆիին կոչ ուղղեցին անմիջապէս հեռանալու իշխանութենէն։ Իսկ երէկ Վէնէզուէլայի նախագահ Չավէզ հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցած է Կետտաֆիի հետ,առաջարկելով առաքել խաղաղութեան միջազգային առաքելութիւն մը լուծելու համար Լիպիայի տագնապը։ Բայց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր քարտուղարը Ամր Մուսսա տեղեկացուցած է թէ ՝՝Քարաքսի առաջարկած ծրագրի առնչութեամբ համաձայնութիւն չկայ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.