2011-03-03 12:21:27

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Գարակէօզեան Հաստատութեան Ներկայ Եւ Նոր Տնօրէնները


Երեքշաբթի 1 Մարտ 2011-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան Տնօրէն Վերապատուելի Ռոպեր Սարգիսեանը, ընկերակցութեամբ՝ նոր նշանակեալ Տնօրէն Տիար Սերոբ Օհանեանի:
Յայտնենք, որ 41 տարինեէ ի Վերապատուելի Սարգիսեանը կը վարէ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէինի պաշտօնը: Վերապատուելիին հանգստեան կոչուելէն յետոյ, 1 Յուլիս 2011-էն սկսեալ յիշեալ պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէ լիբանանահայ երիտասարդ համալսարանաւարտներէն՝ Սերոբ Օհանեան:
Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս գնահատեց Վերապատուլիին կատարած նուիրալ ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նոր տնօրէնին: Այս առոթով Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Գարակէօզեան հաստատութեան կարեւոր մարդասիրական ծառայութիւնը հայ կեանքէն ներս մաղթեց որ այդ ծառայութիւնը աւելի ծաւալի որպէսզի առաւելագոյն չափով կարենան օգտուիլ մեր ժողովուրդի զաւակները:








All the contents on this site are copyrighted ©.