2011-03-02 13:36:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը. ՜՜Սուրբերու Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ՝՝ Նիւթին Մասին։


Չորեքշաբթի 16 փետրուար 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, խմբուած Պօղոս Զ. ի անուան սրահին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜Սուրբերու դերը եկեղեցւոյ մէջ՝՝ նիւթին մասին, այսօր ներկայացուց սուրբ Ս. ֆրանչիսքոս Տը Սալը։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,
''Մեր Աստուածը մարդկային սիրտ ունեցող Աստուած է'' այս խօսքերը հիմը կը կազմեն Ս. ֆրանչիսքոս տը Սալի հոգեւորութեան, որ 1602-ին եպիսկոպոս կ'օծուի Ժընեւի` կեդրոնը Գալվինեան բողոքական շարժումին ։
ֆրանսա ծնած Ս. ֆրանչիսքոս տը Սալ, գիտցաւ հաշտեցնել մարդաբանութեան ժառանգութիւնը միսդիքական շարժումներու հետ։
Անոր կեանքի գաղտնիքը եղաւ. ՜՜սիրել զԱստուած առանց բան մը ակնկալելու, եւ բոլորանուէր ըլլալու Անոր սիրոյն՝՝։
ֆրանչիսքոսի հեզ ուսուցումի շնորհիւ ՜՜Իր հոգեւորութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի ու քրիստոնէական խղճմտանքին վրայ՝՝։
Ան, Սրբուհի Ժան ֆրանսուազ Շանթալին հետ միասին, եղաւ հիմնադիրը ''Այցելութիւն'' կոչուած կրօնաւորական միաբանութեան։
''Ներածութիւն Բարեպաշտ Կեանքի'' հատորին մէջ, ան կը կանխէ կոչը սրբութեան, հրաւիրելով՝ բոլոր քրիստոնեաները պատշաճօրէն ապրելու իրենց քրիստոնէական կոչումը։
Վատիկանեան Բ. Ժողովը իւրացուց սուրբին այս կոչը։
''Աստուծոյ Սէրը'' հատորին մէջ , Ս. ֆրանչիսքոս տը Սալը, կը նկարագրէ ՜՜մարդը՝ որպէս տիեզերքի կատարելութիւն, ու սէրը՝ որպէս հիացումը կեանքի ու ներգործութիւններու՝՝։ Ան կը յորդորէ ամէն ինչ կատարել մղուած սէրէն եւ ոչ թէ բռնի ոյժով, հնազանդիլ սիրով եւ ոչ թէ վախէն։
Սուրբ ֆրանչիսքոս տը Սալ, որ հռչակուած է Եկեղեցւոյ Վարդապետ, եղաւ նեշնչողը՝ Ս. Յովհաննէս Պոսքոյի հոգեւորութեան եւ Փոքրիկն Սրբուհի Թերեզային ու նաեւ այլ հոգեւոր հոսանքներուն։
Սիրեցեալ բարեկամներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով՝ ըլլանք մենք եւս ՜՜սիրահարները Աստուծոյ՝՝ , մեր կեանքին մէջ, ու մշակենք պարզութիւնը եւ հեզութիւնը։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց զանոնք հետեւելու Սուրբ ֆրանչիսքոս տը Սալի օրինակին, եւ ըմբռնելու թէ՝ ճշմարիտ ազատութիւնը կը ներփակէ հնզանդութիւնը, եւ գագաթնակէտին կը հասնի սիրոյ իրադրութեան մէջ։ Մի վախնաք զԱստուած սիրելէն ամէն բանէ վեր, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ. միայն Աստուծոյ մէջ պիտի գտնէք ճշմարիտ ուրախութիւնը ու ձեր կեանքին կատարեալ իրագործումը։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք բանալու իրենց սիրտը Յիսուսին ու ծաւալելու Յիսուսի ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.