2011-03-02 14:01:05

''Պենետիկտեան Ջահը''Վէսդնմինդէրի Աբբայարանի մէջ :


<<Պենետիկտեան Ջահը>> որ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը օրհնած էր անցեալ 23 փետրուարին, չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, այսօր կը հասնի Լոնտոն, ու ժամը 12ին Վէսդնմինդէրի Աբբայարանի մէջ, համամիութենական հանդիպումի մը ընթացքին կը վառուի։
Նշենք թէ Սուրբ Պենետիկտոս՝ ՜՜Եւրոպայի Պաշտպան Սուրբ՝՝ նկատուած է։ Համամիութենական աղօթքին կը մասնակցին այլ կրօններու ներկայացուցիչներ։ Վէսդնմինդէրի Աբբայարանի մէջ, անցեալ 17 սեպտեմբերին( 2010 ին) եւս տեղի ունեցած էր համամիութենական հանդիպում մը որուն նախագահած էր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը` Գէնդպուրիի Արքեպիսկոպոսին հետ միասին։
Այսօրուայ արարողութեամբ <<Պենետիկտեան Ջահը>> կը սկսի իր ուխտագնացութիւնը եւրոպական երկիրները, իր հետ տանելով Սուրբ Պենետիկտոսի խաղաղութեան միասնականութեան եւ յոյսի պատգամները։
<<Պենետիկտեան Ջահ>> ի վերջին հանգրուանները պիտի ըլլան Նորչա եւ Մոնդէքասսինօ իտալական քաղաքները՝ սուրբին ծննդավայրն ու մահուան վայրը, իսկ 21 մարտին` սուրբին տօնին օրը, Նորչիայի մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մը նախագահութեամբ Վատիկանի Կառավարիչ Կարտինալ Ճիովաննի Լայոլոյի։








All the contents on this site are copyrighted ©.