2011-03-02 11:27:41

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։
Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան 1885-1915).
Մեծատաղանդ բանաստեղծը, որ հայ ժողովուրդի արհաւիրքին հետ՝ ամբողջ մարդկութեան տառապանքն ու ցասումը երգեց ։


 Փետրուար 15-ին տօնեցինք ծննդեան տարեդարձը հայ ժողովուրդի մեծագոյն տաղանդներէն Ռուբէն Սեւակի։ Ան ծնած էր 15 Փետրուար 1885-ին։

Միայն 30 տարի ապրեցաւ Ռուբէն Սեւակ, չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել կանխահաս, այլեւ խոստմնալից տաղանդի իրեն բաժին ինկած ստեղծագործական երկունքի ժամանակը, որովհետեւ Մեծ Եղեռնը բրտօրէն կտրեց անոր կեանքին թելը։

Կանխահաս տաղանդ էր Ռուբէն Սեւակ, որովհետեւ քսան տարեկանին արդէն, սիրային քերթուածներով հայ գրականութեան անդաստան մուտք գործած պահէն սկսեալ, ան նոր հորիզոններ բացաւ հայ մտքին ու հոգիին առջեւ։


Միայն 23 տարեկան էր, երբ ի տես թրքական պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուող հետեւողական կոտորածներուն ի լուր, մարդկութեան հետեւեալ պոռթկումը պիտի ունենար Օգոստոս 1908ին.
՝՝Ամբողջ Եւրոպայի մէջ, աշխարհի էն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները, ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ, մեր՝ ստրկացած թրքահայերուս կեանքը... Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու... անպատուուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու... ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն-արցունք պիտի պոռթկար աչերէդ... մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ... մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ եւ ապրիլ ձեւացնել... ահա՛ դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ։ Արդ, ինչպէ՞ս կուզէք, որ այսպիսի պայմաններու մէջ ժառանգօրէն ու բնածինօրէն մեր ամենաանկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չըլլար ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը։

Ա՛յս խորութեամբ Ռուբէն Սեւակ ընկալեց Հայոց Արհաւիրքը եւ անոր ընդմէջէն երգեց ողջ մարդկութեան ցաւն ու տառարանքը, ընդվզումն ու ցասումը։

Բանաստեղծ, արձակագիր ու մտաւորական աշխոյժ գործիչ էր Չիլինկիրեան Յովհաննէսի որդի Ռուբէնը, որ 1905-ին, քսան տարեկանին, իր առաջին քերթուածները լոյս ընծայեց Ռուբէն Սեւակ ստորագրութեամբ։ Ծնած էր Պոլսոյ մերձակայ Սիլիվրի գիւղը։ Ծննդավայրի Ասքանազեան վարժարանը աւարտելէ ետք, երկու տարի յաճախած է Պարտիզակի Ամերիկեան դպրոցը, իսկ 1901-ին ընդունուած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1905-ին եւ ղրկուած է Լօզան՝ տեղւոյն համալսարանի բժշկական ճիւղին հետեւելու համար։

Լօզանի ուսանողական տարիները հանդիսացան Ռուբէն Սեւակի ինչպէս բժիշկի փայլուն մասնագիտացման, նոյնպէս եւ գրական-ստեղծագործական ինքնահաստատման բեղուն գործունէութեան շրջան։ Դասերու կողքին աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի հայ ուսանողներու ազային-հասարակական կեանքին՝ յատկապէս Լօզանի ՝՝Արմենիա՝՝ ուսանողական միութեան ճամբով։ Միաժամանակ զարկ տուաւ գրական իր ստեղծագործութեանց՝ սիրոյ, ընկերային ցաւերու եւ հայ ժողովուրդի ազգային տառապանքին նուիրուած իր բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայելով պոլսահայ մամուլի էջերուն։
Յատկապէս 1909-ի Ատանայի կոտորածը ծանրագոյն խոց պատճառեց Ռուբէն Սեւակ բանաստեղծին, որ ազգային ընդվզումի, բողոքի ու պայքարի խորախորհուրդ յուզաշխարհ մը հայ գրականութեան յանձնեց 1910ին հրատարակուած իր առաջին րքոյկով՝ Կարմիր Գիրքը՝՝ խորագրին տակ։ ՝՝Ջարդի Խենթը՝՝ , ՝՝Թրքուհին՝՝ եւ ՝՝Մարդերգութիւն՝՝ խորագրուած երեք երկարաշունչ բանաստեղծութիւններէ բաղկացած իր այս գործով՝ Ռուբէն Սեւակ թարմ շունչ բերաւ Սիամանթոյի եւ Դանիէլ Վարուժանի բացած ու հարթած ազգայնաշունչ բանաստեղծութեան, ինքնատիպ ոճով խոհական ներհայեցութեան ուղղութիւնը բանալով։
Ռուբէն Սեւակ 1911-ին պատուոյ յիշատակութեամբ վկայուեցաւ բժիշկ եւ աշխատանքի անցաւ Լօզանի հիւանդանոցներուն մէջ։ Բժշկական իր ծառայութեան շրջանին ծանօթացաւ ու կապուեցաւ գերմանուհի Եանի Ապէլի-ն,ամուսնացան եւ ունեցան երկու զաւակներ ՝ Լեւոն եւ Շամիրամ։ Սեւակ փաստօրէն հայացուց գերմանուհին, որ ոչ միայն անվարան հետեւեցաւ իր ամուսինի ընտրած կեանքի ուղիին (հակառակ գերմանացի իր ծնողքին դրած արգելքին, Եանի Ապէլ 1914ին Սեւակի հետ հաստատուեցաւ Պոլիս), այլեւ՝ հայօրէն մեծցուց Սեւակի զաւակները բանաստեղծին նահատակութենէն ետք։







All the contents on this site are copyrighted ©.