2011-03-01 13:36:27

Վատիկանի Ռատիօկայանի Տնօրէն Հայր ֆետերիգօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Ոչ սարսափ այլ բարեկամութիւն


Այս շաբթուայ իր խմբագրականին մէջ յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին կ՛անդրադառնայ արաբական երկիրներու քաղաքական բարեփոխումներ պահանջող ցուցարարներու դէմ գործադրուած բռնութիւններուն - մանաւանդ Լիպիայի մէջ - որոնք - կը գրէ Հայր Լոմպարտին - մեծ ցաւ կը պատճարեն ժողովուրդի կրած տառապանքին համար ու նաեւ մտահոգութիւն յառաջխաղացումի ապագայի պղտոր արդիւրնքներուն ի տես. Որով -նշել կու տայ Ռատիօվատիկանի տնօրէնը - բռնութիւնը հաճախ աւելի դժուար կը դարձնէ խաղաղեցումը։

Շատ մը երկիրներու մէջ պատահածը կը ներկայանայ իբրեւ յեղափոխական երեւոյթ մը որ մասնագէտ քննիչներ զայն որակեցին որպէս ''արաբական երկիրներու նոր գարուն մը''։ Արեւմուտքը անակնկալի եկած է անշուշտ։ Շատեր կը հաստատեն թէ որեւէ ժողովրդավարական ձգտում հարկ է որ ծնի երկրին բնակչութեան որոշումէն առանց օտարներու միջամտութեան։ Իսկ ուրիշներ մտավախութենէ մղուած պաշտպանողական կղզիացումի մէջ են։

Այս դժուար պարագաներու ընթացքին հարկ է աւելի տրամադրելիութիւն ցոյց տալ եւ օգնութեան հասնիլ արմատական յեղաշրջումի ենթարկուած հասարակութիւններուն շեշտը դնելով ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդումին այսօր աւելի քան երբեք։

Երիտասարնդներու ''նորութեան'' պահանջքը ունի երկու կարեւոր իրադարձութիւններ։Գաղթականութեան հետ հաստատուած կապը իրենց մէջ յառաջացուցած է դրական համոզում մը Եւրոպայի հանդէպ ուր կը տիրէ Մարդու Իրաւունքներու յարգանք, Ժողովրդաւարութիւն եւ ազատութիւն։ Իսկ արդի հաղորդամիջոցները շատերուն առիթը կու տան բացուելու ուրիշին եւ երկխօսութիւն հաստատելու անոր հետ։ Բայց ինչպէս միշտ ամէն նորութիւն ունի դրական եւ ժխտական երեւոյթ։ Եթէ միջերկրական ծովի միւս ափը կան երիտասարդներ որոնք կը ձգտին ազատութեան եւ մարդկային աճումի հարկաւոր է որ անոնց հետ հաստատենք դրական երկխօսութիւն, մտածելակերպ եւ ինչու չէ սորվինք մէկը միւսին լեզուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.