2011-03-01 13:39:59

Պքերքէ ի մէջ Սֆէյր Պատրիարքը Նախագահեց Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի Նիստին։


Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր հրաժարեալ պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան եկեղեցական եւ հոգեւոր հարցեր, որոնց կողքին նաեւ այն, թէ Վատիկանը պաշտօնապէս ընդունած է Սֆէյր պատրիարքին հրաժարականը։
Լուսարձակներէ հեռու տեղի ունեցած այս նիստին ընթացքին որոշուած է մարոնի համայնքի պատրիարք մը ընտրելու թուականը։
Միւս կողմէ, Սֆէյր պատրիարքին այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ երկարատեւ հանդիպում մը ունեցաւ պատրիարքին հետ։
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Սֆէյր պատրիարքը ժուժկալ, պատմական եւ չէզոք պատրիարք մը եղած է. ան հարց տուաւ, որ արդեօք Լիբանանը ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի ըլլար, եթէ Սֆէյր պատրիարքը 1990-էն մինչեւ 2005 թուական մարոնի համայնքի պատրիարքը չըլլար։
Կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ Ժահժահ յայտնեց, որ ինք չի գիտեր, եթէ հակառակորդ ուժերը պիտի կարենան կազմել կառավարութիւն մը, սակայն կայ յստակ մէկ բան, թէ կարելի չէ ներկայ ընթացքով շարունակել, որովհետեւ կարելի պիտի չըլլայ ազատութեան, կայունութեան, տնտեսութեան, ընկերային, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան առումով բարգաւաճում եւ յառաջդիմութիւն արձանագրել








All the contents on this site are copyrighted ©.