2011-03-01 12:19:45

2011-ը Հայ Մանուկի Տարին ։ (Հռչակուած Արամ Ա.Վեհափառի Կողմէ)
Հայ մանուկին կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը` Հայ Եկեղեցին.


Անցնող տարիներուն, Մեր պատգամներուն ու հրատարակութիւներուն մէջ երբ անդրադարձանք հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին ու հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան, ընգծեցինք հայ մանուկին քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան հրամայականը: Արդարեւ, մեր համայնական  կեանքի այս երեք նուիրական միջավայրերուն մէջ է որ տեղի կ’ունենայ վաղուան քրիստոնեային ու հայ մարդուն կրօնական ու հայեցի կազմաւորումը: Այլ խօսքով՝ այս երեք հոգեմտաւոր քուրաներուն մէջ է որ կը թրծուի հայ մանուկը մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով: Այսօրուայ մեր խօսքը Եկեղեցւոյ մասին է։
Հայ եկեղեցւոյ համար հայ մանուկին դաստիարակութիւնը՝ իր կրօնական թէ ազգային տարածքներով, կը շարունակէ մնալ առաջնահերթութիւն: Այս ծիրէն ներս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր հիմնած Կիրակնօրեայ վարժարաններուն ճամբով անցեալին բարերար դեր կատարած է ու կը շարունակէ կատարել վերանորոգ թափով: Անցեալ տարի 80-ամեակն էր Կիրակնօրեայ վարժարաններու հիմնադրութեան ու գործունէութեան: Այս առիթով, Մեր հրապարակած Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակին մէջ ըսինք հետեւեալը.-
"Կիրակնօրեայ վարժարանները անցնող տարիներուն կրօնական դաստիարակութեան մարզէն ներս հսկայ գործ կատարեցին ընդհանրապէս Սփիւռքի գաղութներէն ու մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ներս: Կիրակնօրեայ վարժարանները սովորական ու պատահական նախաձեռնութիւններ չեղան, այլ դարձան թեմերու վարչակազմակերպչական դրութենէն ներս կարեւոր կառոյցներ՝ իրենց յատուկ կանոնագրութեամբ, ուսուցչական կազմով ու կրթական-դաստիարակչական ծրագրով: Մեր Սուրբ Աթոռին Հայրապետները ո՜չ միայն քաջալերեցին Կիրակնօրեայ վարժարաններու գործունէութիւնը, այլ նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու Ընդհանուր Վարիչ Տնօրէնութիւն մը հաստատեցին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, որպէսզի մօտէն հետեւին անոնց աշխատանքին:
Արդ, 80 տարիներու ընթացքին կատարուած նուիրեալ ծառայութեան ու ձեռք ձգուած իրագործումներուն դիմաց այսօր կոչուած ենք ո՜չ միայն արդարօրէն ուրախանալու, այլ նաեւ վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակելու նոր սերունդին կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան այնքան հրամայական առաքելութիւնը: Այսօր շրջապատուած ենք համաշխարհայնացած աշխարհէն եկող այնպիսի հոսանքներով, որոնք ամէն օր կը խաթարեն մեր քրիստոնէական դիմագիծը, կ’ապականեն մեր ազգային ինքնութիւնը եւ կը մոլորեցնեն մեր զաւակները: Հետեւաբար, ոեւէ ժամանակէ աւելի այսօ՜ր մենք սուր կարիքը կը տեսնենք հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով թրծելու մեր նոր սերունդին կեանքը: Ահա այս սրբազան առաքելութեան է լծուած Կիրակնօրեայ վարժարանը": 
Մանուկի դաստիարակութեան մեր մօտեցումը անհրաժեշտ է որ դառնայ համապարփակ: Նեղ հայեցակէտով, տոկմադիք ոգիով եւ ժամանակավրէպ մեթոտներով կատարուող դաստիարակութիւնը կրնայ հակառակ արդիւնքը տալ: Պէտք է գիտնանք հանգրուանային մօտեցումով ու յառաջատուական ընթացքով ի՞նչ փոխանցել մանուկին եւ ի՞նչ բանէ հեռու պահել զինք թէ՜ ընտանիքին, թէ՜ դպրոցին եւ թէ Կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ: Պէտք է նաեւ գիտնանք ինչպէ՞ս դաստիարակել մանուկը՝ դիմելով այնպիսի միջոցներու, որոնք համահունչ են կեանքի ներկայ պայմաններուն ու մտահոգութիւններուն ու նաեւ՝ գրաւիչ եւ ազդու: Այս ծիրէն ներս արդի չափանիշներու ու մերօրեայ կարիքներու համապատասխանող մանկական գրականութեան մշակումը, լսողատեսողական կարելիութիւններու ճիշդ օգտագործումը, մանուկները հետաքրքրող հրապուրիչ ծրագիրներու պատրաստութիւնը, մանուկներու յատուկ հաւաքներու կազմակերպումը եւ այլ գրաւիչ նախաձեռնութիւններ կրնան մեծապէս օգտակար հանդիսանալ մանուկներու դաստիարակութեան աշխատանքներուն մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.