2011-02-28 12:13:18

Սումկայիթի Ջարդերու Զոհերուն Յիշատակին


28 փետրուարին կը նշուի Սումկայիթի ջարդերու 23-րդ տարելիցը։ Այս առթիւ զանազան վայրերու մէջ տեղի ունեցան ձեռնարկներ ոգեկոչելու հայ հերոսներու անմահ յիշատակը։

Կիրակի, 27 փետրուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ նուիրուած 1988 թուականի սումկայիթեան ջարդերու անմեղ զոհերու յիշատակին:

Այնուհետեւ մայրավանքի վեհարանի սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Բոլոր խօսք առնողները անդրադարձան 23 տարի առաջ Ազրպէյճանի Սումկայիթ արդիւնաբերական քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն: Մասնաւորապէս նշուեցաւ, որ 1988 թուականը Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան մէջ եղաւ շրջադարձային: Արցախի ժողովուրդը ձայնը բարձրացուց սեփական իրաւունքներու եւ ազատութեան պաշտպանութեան օգտին: Քաղաքակիրթ եւ օրինական իւրաքանչիւր գործողութեան կը հետեւէր բռնութեան ծաւալում, հայ ազգաբնակչութեան իրաւունքներու զանգուածային եւ համատարած ոտնահարում, բռնութիւններ եւ կոտորածներ, տեղահանում, ժողովրդավարական բռնանուաճում, տնտեսական շրջափակում: Հայ ազգաբնակչութեան նկատմամբ իրականացուեցաւ ամէնէն դաժան ազգային զտումներու տեղահանման քաղաքականութիւն եւ պետականօրէն կազմակերպուած յանցագործութիւն:

Հոգեհանգստեան արարողութեան եւ հանդիսութեան ներկայ էին նախարարներ, երեսփոխաններ, հիւրեր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն, Լիբանանի հայկական բոլոր քաղաքական, բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն ղեկավարները եւ անդամները, լիբանանահայ համայնքի հարիւրաւոր հաւատացեալներ, ներկայացուցիչներ ակադեմական եւ գիտական շրջանակներէն:



Հռոմի Հայ Համայնքը եւս նշեց սումկայիթի ջարդերուն 23րդ տարելիցը. Արդարեւ Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի՝ Մալոյեան Մշակութային կեդրոնին մէջ
Ուրբաթ 25 Փետրուարին երեկոյեան Հռոմի Հայ Համայնքի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Սումկայիթի ջարդերու 23-րդ տարելիցի ոգեկոչման հանդիպում մը։
Այս առթիւ Ս. Նիկողայոս անուան հրապարակը գտնուող Խաչքարին առջեւ, ներկայութեամբ հայերու եւ իտալացի բարեկամներուն, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ի հանգիստ Սումկայիթի զոհերու հոգւոյն, զոր կատարեց գերյարգելի Հ. Գէորգ Ծ. Վ. Նորատունկեան` մեծաւորը Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքին։ Ապա Հռոմի հայ գաղութի երեց անդամներէն տիկին Մարիէթթա Շապանեան ծաղկեփունջ մը զետեղեց Խաչքարին առջեւ։
Նշենք թէ հոգեհանգստեան պաշտօնէն առաջ Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնին մէջ Տիար Էմանուէլէ Ալիբրանտի՝ Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի անդամ՝ բանախօսեց Ղարաբաղի ընդհառումներուն մասին եւ անդրադարձաւ ՜՜ինչու պատերազմը՝՝ նիւթին, կեդրոնանալով յատկապէս ՜՜Արցախեան ընդհառումի պատճառներուն, Սումգայիթի, Խոժալիի ու Մարագայի պարագաներուն՝՝։
Փակման խօսքը արտասանեց Տիար Ռոպէր Աթթարեան փոխ նախագահը Հ. Հ. Հ. Խ.ին որ խօսելէ ետք իւրաքանչիւր հայու եւ իւրաքանչիւր մարդու արդար իրաւունքին, ապրելու՝ ազատ իր հայրենի հողին վրայ ինչպէս նաեւ ինքնակառավարման իրաւունքին, շեշտը դրաւ հայերու պարտականութեան՝ նեցուկ կանգնելու Ղարաբաղին, ու եզրափակեց իր խօսքը ըսելով . Անտարբերութիւնը Ղարաբաղի հարցին հանդէպ, կրնայ զայն մահուան վտանգի ենթարկել։ Այսօրուան մեր ոգեկոչումը, փաստ մը թող ըլլայ որ ՜՜Ղարաբաղը առանձին չէ եւ երբեք պիտի չմնայ՝՝։

Լեռնային Ղարաբաղը, որ իրեն պարտադրուած պատերազմի ընթացքին արեան գնով պաշտպանած է իր ազատութեան իրաւունքը, ներկայիս կայացած պետութիւն է: Արցախը հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ծանր փորձութիւններուն, յառաջընթաց կ՚ապրի, կ՚ապրեցնէ պետական - ժողովրդավարական հիմնարկները, կը զարգացնէ իր տնտեսութիւնն ու մշակոյթը, կը պաշտպանէ խաղաղութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.