2011-02-28 12:50:23

Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Հռոմ գտնուող Արտէաթինէ-ի Փոսերը,24 Մարտ 1944-ի՝ նացիական կոտորածի վայրը։


Յառաջիկայ 27 Մարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ ՝՝ֆօսսէ Արտէաթինէ՝՝ կոչուած հայրենիքի նահատակներու վայրը ,ընդառաջելով պատերազմի զոհերու Իտալացի Ընտանիքներու Ազգային Ընկերակցութեան հրաւէրին։ Նորին Սրբութեան առանձնական այս այցելութիւնը տեղի կ՝ունենայ կոտորածի 67-երորդ տարելիցի առթիւ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը երրորդ Քահանայապետն է որ այցելութեան կ՝երթայ Հռոմ գտնուող նացիական ջարդի այս վայրը ուր 24 Մարտ 1944ին սպաննուեցան 335 իտալացի քաղաքացիներ ու զինուորներ որպէս վրէժխնդրութիւն՝ մէկ օր առաջ այսինքն 23 մարտին Հռոմի Վիա Ռազէլլա փողոցը կայացած մահափորձին ։ Այպէս երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. 1965ին,իսկ ՅՊԲ­1982ին գացած էին Արտէաթինէի Փոսերը,որ իտալերէն Fosse Ardeatine կը կոչուի։
Անշուշտ յատկապէս նշանակալից է գերմանացի Պապի մը այցելութիւնը գերմանացիներու գործադրած կոտորածի վայրը, Պենետիկտոս ԺԶ արդէն բազմաթիւ անգամներ (ինչպէս իր Անգլիա կատարած վերջին այցելութեան )շատ խիստ արտայայտութիւններ ունեցած էր Նացիական Վարչակարգի նկատմամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.