Երկուշաբթի 28 փետրուար 2011։ Այս առաւօտ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Տիար Երզի Պուզէք
Եւրոխորհրդարանի Նախագահը ու անոր ընկերացող շքախումբը ապա ժամը 11.30 սրբազան քահանայապետը
ունկնդրութիւն շնորհեց Փիլիպեան Կղզեախումբի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի խումբ մը եպիսկոպոսներու
որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի
յաջորդին։ Ժամը 12ին Գլեմենդինայ սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն
շնորհեց Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդի ընդհանուր նիստի մասնակցողներուն,
թիւով 60 հոգի։