Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս պատրիարքի մահուան քառասունք։
Պէյրութ
Կիրակի 27 փետրուարին (2011 ) առաւօտեան ժամը 11.30-ին, երջանակայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս
ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս պատրիարքի (1982-1999) մահուան քառասունքին առթիւ
տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս
ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ
մէջ, Պէյրութ։ Այս հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին մասնակցեցան բարձրաստիճան պետական եւ զինուորական
անձնաւորութիւններ, հոգեւորականներ, հանգուցեալին հարազատները եւ հաւատացեալներու հոծ
բազմութիւն մը: