2011-02-27 12:11:36

Սրբազան քահանայապետին 2011 քարասնորդաց շրջանի պատգամը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետը 2011 քարասնորդաց շրջանի ծոմապահութեան իր պատգամի վերնագրին մէջ կը մեկնի սուրբ Պօղոսի թուղթէն Կողոսացիներուն. ‏«‏Մկրտութեամբ թաղուեցաք Քրիստոսի հետ եւ յարութիւն առիք անոր հետ», որպէսզի խորհրդածութիւն կատարէ ծոմի իմաստին շուրջ։ Այս իմաստով սրբազան քահանայապետը այս տարուան պատգամը յատկացուց մկրտութեան խորհուրդին, որպէս փոռձարութիւն մը՝ ապրելու Քրիստոսի հետ միութիւնը իր մահուան եւ յարութեան մէջ։ Ան պատգամին մէջ կը յայտնէ թէ ծոմի շրջանը խորապէս առընչուած է մկրտութեան խորհուրդին հետ, որովհետեւ այս ժամանակաշրջանին է, որ մարդ կը վերագտնէ իր արմատները լռութեամբ, մտախոհութեամբ, աղօթքով, խոստովանանքով եւ անկեղծութեամբ։ Այնուհետեւ, քահանայապետը կը յիշեցնէ, թէ ծոմի շրջանը նաեւ մեղքերու թողութեան շրջան է։
Մկրտութեան «Ձրի Պարգեւը» պէտք է «վերակենդանանայ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ» կը յայտնէ սրբազան քահանայապետը, որովհետեւ ծոմը «սրտի ազատագրման» ընթացք մըն է, որպէսզի «յաղթահարենք մեր եսասիրութիւնը, ապրելու համար պարգեւի եւ սիրոյ տրամաբանութիւնը»։








All the contents on this site are copyrighted ©.