2011-02-27 12:12:02

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կիներու Իրավիճակի Քննարկման 55-րդ Խորհրդաժողովին Կը Մասնակցի Հայ Օգնութեան Միութենէն Պատուիրակութիւն մը։


ՀՕՄ-ը՝ Հայ օգնութեան միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը կը գտնուի Նիւ Եորք՝ մասնակցելու համար Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Կիներու իրավիճակի քննարկման 55-րդ խորհրդաժողովին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի 22 փետրուարին:
Խորհրդաժողովին կը մասնակցին ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու, ՄԱԿ-ի կառոյցներու եւ ՄԱԿ-ի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին (ԷՔՈՍՈՔ) կողմէ պաշտօնական ճանաչումի արժանացած ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Խորհրդաժողովի այս տարուան հիմնական նիւթը ՜՜կիներուն ընծայուած կրթական առիթներն են՝՝ յատկապէս գիտական եւ արհեստագիտական մարզերուն մէջ, եւ ՜՜անոնց աշխատանքի հաւասար առիթներ ընծայելու խնդիրները՝՝:
ՀՕՄ-ի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Սթեֆանի Քիլեան, Վալենթին Պէրպէրեան, Համեստ Պէօճեքեան եւ Հուրի Կէօտելեքեան, անոնք նախ 22 փետրուարի առաւօտուն հանդիպում մը ունեցան ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ՝ Կարէն Նազարեանի հետ:
Նշենք որ ՜՜ Կիներու իրավիճակի քննարկման յանձնախումբ՝՝ի՝ նախագահութիւնը այս տարի՝ 2011-ին՝ կը վարէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Յառաջիկայ օրերուն ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի խորհրդաժողովի զանազան նիստերու, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կազմակերպած աշխատանիստերու եւ ՀՕՄ-ի պատկերացումն ու տեսակէտները պիտի ներկայացնէ կիներու վերաբերող զանազան հարցերու մասին:
Ի դէպ՝ ՄԱԿ-ի Կիներու իրավիճակի քննարկման 55-րդ խորհրդաժողովի նիստերը պիտի տեւեն մինչեւ 4 մարտ 2011:








All the contents on this site are copyrighted ©.