2011-02-27 12:12:23

Հրանդ Տինք» Շարադրական Մրցանքը՝ Մեսրոպեան Վարժարանի Մէջ։


Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին կազմակերպած «Հրանդ Տինք» շարադրական մրցանքը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 26 փետրուար 2011-ին, անոր իրենց պիտի մասնակցին 11 հայկական վարժարաններ։ Այս առիթով հինգշաբթի, 24 փետրուարին, վարժարանի տնօրէնութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դատական կազմին հանդիպումը, որուն ներկայ էին կազմի անդամներ Շահան Գանտահարեան, Ժիրայր Դանիէլեան եւ Սարգիս Նաճարեան, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ եւ աշակերտական խմբակի խորհրդատու ուսուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեան։
Հաւաքին ճշդուեցաւ շարադրութեան մրցանքին նիւթը, օրէնքները, արժեւորման եղանակները եւ բոլոր մանրամասնութիւնները։ Դատական կազմը շեշտեց, որ միջդպրոցական մրցանքները աշակերտութեան մօտ խանդավառութիւն ու քաջալերանք ստեղծելու նպատակին կը ծառայեն, եւ այս շրջագիծին մէջ «Հրանդ Տինք» մրցանքը իր իւրայատկութեամբ պիտի ունենայ իր կարեւորութիւնը։
Յայտնենք, որ մրցանակաբաշխութիւնն ու «Հրանդ Տինք»ի նշանակի տուչութիւնը յատուկ հանդիսութեամբ մը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մարտ 11-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.