2011-02-27 12:12:10

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Դասախօսութիւնը Ճորճթաուն Համալսարանին Մէջ։


Չորեքշաբթի 23 Փետրուարին , Արամ Ա. Կաթողիկոս դասախօսեց Քաթարի Ճորճթաուն համալսարանին մէջ: Յիշեալ համալսարանը Ուաշինկթընի Ճորճթաուն համալսարանի մէկ մասնաճիւղն է, որ կը բաղկանայ միջազգային օրէնքի, քաղաքական գիտութեանց եւ մերձաւոր արեւելքի պատմութեան առնչուած բաժանմունքներէ:
Վեհափառին դասախօսութեան նիւթն էր, ՜՜ՙԿրօնքին դերը ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն դիմաց՝՝: Վեհափառը նախ ներկայացուց կրօնքին հասարակական դերը, շեշտելով յատկապէս ներկայ ժամանակներու տարբեր մօտեցումները կրօնքի ինքնահասկացողութեան գծով: Ապա լայնօրէն անդրադարձաւ միջ-կրօնական երկխօսութեան, մասնաւորաբար միաստուածեան երեք կրօններու միջեւ:
Խօսեցաւ նաեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան, որուն նպատակը պէտք է ըլլայ ոչ միայն աստուածաբանական հարցերու շուրջ համաձայնութեան եզրեր որոնել, այլ մանաւանդ գործակցութիւն յառաջացնել կրօններու միջեւ: Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց թէ նոյն արմատները ունեցող ինչպէս նաեւ հասարակաց արժէքներ ու ճշմարտութիւններ դաւանող միաստուածեան երեք կրօններու միջեւ գործակցութիւն կարելի է՝ մարդկային իրաւանց ինչպէս նաեւ կենսոլորտային ու ընկերային շարք մը հարցերու շուրջ: Վեհափառը այս շրջագիծէն ներս ծանրացաւ կրօնքի քաղաքական դերակատարութեան՝ մատնանշելով անոր դրական ու ժխտական երեսներն ու հետեւանքները։:
Այս առթիւ ներկաները շարք մը հարցումներ ուղղեցին որոնց պատասխանեց Վեհափառը աւելի խորացնելով իր դասախօսութեան ընթացքին արծարծած շարք մը կէտերը: Ապա համալսարանի նախագահին գլխաւորութեամբ Արամ Ա Կաթողիկոս եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը այցելեցին համալսարանի զանազան բաժանմունքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.