2011-02-26 13:07:44

Վատիկանի 2011ի Տարեցոյցին Տուեալներու Համաձայն Կաթողիկէներուն Թիւը Աշխարհի Մէջ 1,3 Աճ Արձանագրած Է։


2008-2009-ին՝ կաթողիկէներու թիւը յարատեւ աճում կ'արձանագրէ աշխարհի մէջ։ Կաթողիկէներու թիւը աճած է 1,3 տոկոսով մինչ նոյն շրջանին աշխարհի բնակչութեան թիւը շուրջ 1,2 աճած է։ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ ներքին գործոց նախարար գերապայծառ ֆիլոնիի հետ միասին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ներկայացուցած է 2011ի Վատիկանի տարեցոյցը։ Առաւել 15 միլիոն հաւատացեալներով, կաթողիկէներու թիւը 1,166 միլիառէն ներկայիս կը հաշուէ 1,181 միլիառ։ Կաթողիկէներու 50 առ հարիւրը կը բնակի ամերիկեան ցամաքամասին մէջ։ Ասիոյ մէջ կաթողիկէները կը ներկայացնեն 10,7 առ հարիւրը։ 24 առ հարիւրը Եւրոպա կը գտնուի իսկ Ափրիկէի մէջ կը ներկայացնեն 15,2 առ հարիւրը ու Ովկիանիայի մէջ 0,8 առ հարիւրը։ Նոյնպէս քահանաներու թիւը աճում արձանագրած է առաւել 1,34։ Ներկայիս կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ կան 5.065 եպիսկոպոսներ 2.956 եկեղեցական գաւառներու համար։ Նոյնպէս թեկնածու քահանաներու հիւը աճած է 0,82 տոկոսով։ Կրօնաւորներու հիւը մասնաւորապէս աճում արձանագրած է Աերիկէի եւ Ասիայի մէջ։ Վատիկանի տարեկան տարեցոյցը արժէքաւոր աղբիւր մըն է ճանչնալու կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրավիճակը։ Այս հատորը 19-րդ դարէն ասդին ամէն տարի լոյս կը տեսնէ եւ կը պատկերացնէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետութիւնները ու անոր իրավիճակը աշխարհին մէջ. Հատորը կարելի է ունենալ մարտ ամսէն սկսեալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.