2011-02-26 13:06:33

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Նամակը Յղած Մարոնիներու Սֆէյր Պատրիարքին։


Շաբաթ 26 փետրուար 2011ին, Նորին Սրբութիւնը նամակ մը յղեց Մարոնիներու Անտիոքի Պատրիարք՝ Կարտինալ Նասրալլահ Սֆէյրին որուն մէջ սրբազան քահանայապետը կը նշէ Սֆէյր Պատրիարքին արժանիքները Մարոնի եկեղեցւոյ ի սպաս, ու կը յիշէ այս վերջին օրերուն Հռոմի մէջ տեղի ունեցած Մար Մարունի արձանի զետեղումի արարողութեան կարեւորութիւնը Սուրբին՝ մահուան 1600 ամեակի առթիւ։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, ընդառաջելով՝ Սֆէյր Պատրիարքին ընդունեց անոր ներկայացուցած հրաժարականը մաղթելով <<որ ան շարունակէ ընկերակցիլ Մարոնի եկեղեցւոյ ճանապարհորդութեան աղօթքով եւ իմաստուն խրատներով>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.