2011-02-26 12:42:54

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Նախագահներու հանդիպումը՝ Սէն Փեթերսպուրկ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ ։Նախագահներու հանդիպումը տեղի ունեցաւ դռնփակ։

Հանդիպման առիթով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահները քննարկեցին հայ-ռուսական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր եւ քննարկուեցան հրատապ միջազգային խնդիրներ։
Նախագահներու հանդիպման օրակարգի հիմնական հարցերէն մէկն էր առեւտրա-տնտեսական համագործակցութիւնը, մասնաւորաբար՝ հիւլէական ուժանիւթի մարզին մէջ։
Քաղաքական օրակարգի հարցերուն մաս կը կազմէին համագործակցութիւնը՝ ԱՊՀ-ի, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ Եւրազես-ի մէջ, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի հարցը։ Փետրուար 25ի երեկոյեան աւարտեցաւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նախագահներ Տմիթրի Մետվետեւի եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ Արմէն Արզումանեան տեղեկացուց, թէ հայկական կողմը գոհ է երկու նախագահներուն բանակցութիւններէն: «Մենք բաւարարուած ենք հանդիպման արդիւնքներով: Նախագահ Սարգսեանի փեթերսպուրկեան բանակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն՝ Հայաստան մատակարարուող կազի սակագնի վերաբերեալ: Արդարեւ 2011ի ընթացքին Հայաստանի սպառողներու համար կազի գինը աճ պիտի չարձանագրէ։ Յիշենք թէ 5 մարտին Սոչիի մէջ նախատեսուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հերթական եռակողմ հանդիպումը՝ Ղարաբաղի հարցով:







All the contents on this site are copyrighted ©.