2011-02-26 12:49:31

ԵԱՀԿ-Ի Գործող Նախագահը Մտահոգ Լեռնային Ղարաբաղի Իրավիճակի Հաւանական Վատթարացումի Գծով։


ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի բացման նիստին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Աուտիրնիուս Աժուպալիս անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին եւ մտահոգութիւն յայտնած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի «հաւանական վատթարացման առնչութեամբ»։
«Ես մտահոգուած եմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի հաւանական վատթարացման առնչութեամբ», յայտարարած է ան։







All the contents on this site are copyrighted ©.