2011-02-25 13:23:19

ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ( Օգոստոս 2011)


Վենետիկի Համալսարանի Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը, գործակցութեամբ Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան, տեղի պիտի ունենայ 1-18 Օգոստոս: Քննութիւնները` Օգոստոս 19ին: Ժամանում` Յուլիս 30-31ին, մեկնում` Օգոստոս 20-21ին:
Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ` բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ’ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, օրը հինգ պահ` առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18: Դիմումները պետք է կատարել ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ, նշելով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ, ՀԵՌԱՊԱՏՃԷՆԻ (ֆաքս) թիւ մը եւ ԵԼԳՐԱՅԻՆ (EM) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ:
ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ, կէսօրէ վերջերը, ՁՐԻԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ նաեւ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ԴԱՍԵՐ:
Արձանագրութեան սակն է` 700 € ։ Արձանագրութեան սակն է` 700 € կամ համապատասխանը՝ տարարժոյթով ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 500 Եւրոյի բաժինը պետք է վճարուի կանխաւ` մինչեւ Մարտի 31ը: Այս թուականէն վերջ այդ սակը 550 Եւրոյի պիտի բարձրանայ: Արձանագրութեան մնացեալ մասը կը վճարուի ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ՕՐԸ: 10% զեղչ մը կը կատարուի անոնց` որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մեկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱԿԸ ՈՉ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՎՃԱՐՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԵՏ ՉԻ ԴԱՐՁՈՒԻՐ:
Ամէն վճարագիր (չէք), որ պէտք է անպայման ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ եւ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ըլլայ, պէտք է հասցէագրուի միայն` ASSOCIAZIONE PADUS-ARAXES եւ ղրկուի` Assoc. Padus-Araxes – c/o Dip. Studi Asiatici – San Polo 2035- 30125 Venezia (Italia): Ընդունելի չեն անձնական եւ փոստային չէքերը: Ամէն չէք պէտք է ունենայ դրամատան երաշխիքը եւ յենու բաժնեկից իտալական դրամատան մը: Անոնք որ կը նախընտրեն դրամատնային փոխանցումով (bank transfer) վճարել, պիտի ստանան այս մասին հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշուի թիւ եւլն.): Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Իսկ փոստի միջոցով փոխանցումը պէտք է կատարուի միայն միջազգային փոխագիրներու միջոցով, որ է` mandat-poste international / international money-order:
Կ’ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատուն մը` Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած` խոհանոցային յարմարութիւններով: Յուլիս 30-Օգոստոս 20 ներառեալ, ամբողջ շրջանին համար, բնակութեան սակն է` 820 € առանձին սենեակի մէջ, 610 € երկու հոգինոց սենեակի մէջ: Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի: Ճաշ մը կամ ընթրիք մը, Համալսարանի սեղանատան մէջ, պիտի արժեն 8 €:
Յաւելեալ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐու համար հեռապատճենել +39.041.2414448 թիւին, կամ ելգիր մը ուղարկել հետեւեալ հասցէին` : Ի հարկին հեռաձայնել +39.041.2414448 թիւին, Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները ժամը 10.00-13.00, և կամ +39.347.4562981 թիւին, Չորեքշաբթի և Ուրբաթ իրիկունները ժամը 20-21.30 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ): Լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը: Բացակայութեան պարագային կրկին փորձել եւ յստակ ու հասկնալի լուր մը թողուլ ընկալուչին` նշելով անուն եւ հեռախօսի համար: ԵՐԲԵՔ չհեռաձայնել Վենետիկի Համալսարանի գրասենեակներուն: Բջիջային համարին կարելի է զանգել նաեւ Երկուշաբթի և Հինգշաբթի առաւօտները:
Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Կ’ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատուն մը` Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած` խոհանոցային յարմարութիւններով։ Յաւելեալ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐու համար հեռապատճենել +39.041.2414448 թիւին, կամ ելգիր մը ուղարկել հետեւեալ հասցէին` :










All the contents on this site are copyrighted ©.