2011-02-25 13:36:36

Նիւ Տելհիի Համալսարանը Ընկերային Մասնաճիւղ Մը Բացած Է Նուիրուած Կալկաթայի Մայր Թերեզային։


Նիւ Տելհիի Ինտիրա Կանտի կոչուած համալսարանը ընկերային նոր մասնաճիւղ մը բացած է, ուր ուսանողները պիտի ընդունին կազմաւորում մը հայող ընկերային հարցերու։ Ընկերային նոր մասնաճիւղը, որ նուիրուած է Կալկաթային Մայր Թերեզային, փնտռտուքի ծրագրեր պիտի մշակէ Սիտայի, գաղթականութեան, փողոց լքուած մանուկներու եւ այլ դժբախտներու մասին։ Մասնաճիւղը մտադիր է մեծ հանդիսութեամբ ոգեկոչել ՜՜ Կալկաթայի մայր Թերեզային ծննդեան օրը՝՝` 26 օգոստոսը, որպէս ''մարդկային էակին սիրոյ օր''։ Հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը մեծ խանդով ողջունեց Ինտիրա Կանտի կոչուած համալսարանի նախաձեռնութիւնը, նկատելով զայն որպէս մեծ պատիւ թէ Մայր Թերեզային եւ թէ Հնդկաստանի եկեղեցւոյ։ Նշենք թէ Ինտիրա Կանտի կոչուած համալսարանը Հնդկաստանի ամենամեծ եւ ամենակարեւոր համալսարանն է, իսկ Կալկաթայի Մայր թերեզան (1910-1997) հիմնադիրն է Սիրոյ Գթութեան իգական միաբանութեան եւ նոպելեան մրցանակակիր է, երանուհի հռչակուեցաւ 19 հոկտեմբեր 2003-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.