2011-02-25 13:35:31

Լիբանանի Նախագահ Միշէլ Սլէյմանին Այցելութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին։


Զօրավար Միշել Սլէյման՝ Լիբանանի նախագահը, ընկերակցութեամբ իր կողակիցին, Լիբանանի Ա. Տիկին՝ Ուաֆա Սլէյմանին, երէկ կէսօրին, Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան քահանայապետին հետ: Ապա Նախագահ Սլէյման հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի, եւ արտգործ նախարար՝ Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի հետ։
Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումին ընթացքին, նախագահ Սլէյման նշեց, որ Մար Մարունի յուշարձանին պաշտօնական բացումը, Նորին Սրբութեան Լիբանանի նկատմամբ սիրոյ հզօր արտայայտութիւն մըն է։
Նախագահ Սլէյման Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետին հետ քննարկեց երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ու շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Միջին Արեւելքը յուզող մարտահրաւէրներն ու արձանագրուած զարգացումները։
Նորին Սրբութիւնը հաստատեց Լիբանանի դերակատարութեան պահպանումը՝ իբրեւ պատգամ երկիր, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց որդեգրելու երկխօսութիւնը` իբրեւ միակ միջոցը հարցերու լուծման:
Նախագահ Սլէյման հրաւիրեց Սրբազան Հայրը այցելելու Լիբանանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.