2011-02-25 13:29:14

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Պիտի Յարգէ Ազրպէյճանի Մէջ Հայ Զոհերուն Յիշատակը։


 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Պիտի Յարգէ Ազրպէյճանի Մէջ Հայ Զոհերուն Յիշատակը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայաստանի Աջակցութեան Խումբը, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Ամերիկայի Հայկական Համագումարին հետ համագործակցաբար 28 փետրուարին Սումկայիթի (1988) եւ Պաքուի (1990) մէջ ջարդերու հայ զոհերուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը պիտի կազմակերպէ Քոնկրեսի ՝՝Քանըն Հաուզ՝՝ սրահին մէջ։


ԵԱՀԿ-Ի Յատուկ Յանձնարարութիւններով Դեսպանը Giedrius Cekuolis Կը Քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը ։

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի տագնապներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Կիէտրիուս Չեքուոլիս երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան փոխնախարարներուն հետ. հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցաւ ղարաբաղեան խնդիրը։
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան դեսպան Չեքուոլիսին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ներկայ հանգրուանին մանրամասնութիւնները, բանակցային հոլովոյթին վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի մօտեցումներուն անմիջական կապերով տեղեկանալու կարեւորութիւնը։
Կարծիքներ փոխանակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ այդ ուղղութեամբ գոյութիւն ունեցող մեքանիզմներու ամրապնդման եւ նախաձեռնութիւններու իրականացման վերաբերեալ։
Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տոնոյեան դեսպանին խնդրանքով ներկայացուց հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը։ Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին զինադադարի դրութեան պահպանումը եւ շփման գիծին վրայ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերուն գործադրումը։







All the contents on this site are copyrighted ©.