2011-02-25 13:32:17

 Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Հայ Թեկնածուները։


Թուրքիոյ խորհրդարանական յառաջիկայի ընտրութիւններուն հայ թեկնածուներու անունները արդէն յստակ դարձած են։ Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը կ՚ուզէ 12 յունիս 2011-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաջադրել Մելքոն Քարաքէօշէի, Թաթոս Պեպքի, Մարգար Եսայեանի, Ճերի Խրիմեանի եւ Պետրոս Շիրինօղլուի թեկնածութիւնները։
Իսկ ծայրայեղ ազգայնական Գորշ գայլեր կազմակերպութեան քաղաքական թեւը՝ ընդդիմադիր Ազգայնական Շարժում կուսակցութիւնը կը նախատեսէ առաջադրել Գեղամ Կարապետեանի թեկնածութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.