2011-02-24 13:03:24

Պաքուի Հայ Համայնքի Անցեալն Ու Ժառանգութիւնը Ներկայացնող Կայքէջ Մը։


«baku.am» կայքէջը կը հետապնդէ Պաքուի հայ համայնքի անցեալն ու ժառանգութիւնը ներկայացնելու նպատակը։ Ան կը գործէ անգլերէնով, ռուսերէնով եւ հայերէնով։
Կայքէջի «նախագիծի մասին» բաժինին մէջ կը նշուի, թէ «անիկա կարեւոր է նաեւ Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն եւ յատկապէս երիտասարդներուն համար… Երիտասարդ ազրպէյճանցիներու համար անիկա պիտի ունենայ այլընտրանքային տեղեկատուական աղբիւրի նշանակութիւն»։
Կը նշուի նաեւ, որ «կայքէջը ազգայնական կիրքեր բորբոքելու նպատակ չի հետապնդեր, անիկա կարելիութիւն կու տայ ճանչնալու անցեալը եւ ապահովել ապագային երկու դրացի ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութիւնը»։
Նշենք որ «Քոնկրես» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած է այս կայքէջին բացումը՝ կազմակերպութեամբ Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի Տնօրէնութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.