2011-02-24 12:58:22

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ -ՍԹԱՅՆՊԸՐԿԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ։


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ճէյմս Սթայնպըրկ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներ, ինչպէս նաեւ Ալպանիա եւ Պոսնիա կատարելիք այցելութիւններուն ծիրին մէջ ժամանեց Երեւան։

Կովկասեան երեք երկիրներ այցելութեան ընթացքին արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Սթայնպըրկին կ՚ուղեկցի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գծով արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 փետրուարի երեկոյեան ընդունեց ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը։ Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին շրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ։
Ճ. Սթայնպըրկ անցեալ տարուան ընթացքին արդէն իսկ երկու անգամ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին վերաբերեալ հանդիպում ունեցած էր Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ։
Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտները այսօր պիտի մեկնին Թիֆլիս, ապա՝ Պաքու։ Այս հանդիպումը կը նախորդէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ս. Փեթերսպուրկ կատարելիք այցելութեան, որուն ծիրին մէջ նախատեսուած է Հայաստանի նախագահին հանդիպումը Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ, ինչպէս նաեւ 5 մարտին Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք Ռուսիա,Հայաստան եւ Ազէրպայճան հանդիպումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.