2011-02-23 15:57:11

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը հարուածելու Զեկուցում Մը Պատրաստած Է։


Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ձեռնարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն հակահարուած տալու աշխատանքի։ Թրքական «Սթար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հարցով միջազգային հանրութեան իր տեսակէտը ներկայացնելու համար պատրաստած է «հայկական զեկուցում» մը՝ «1915-ի իրադարձութիւնները» խորագիրով։ Թրքերէնով եւ անգլերէնով զեկուցումը ուղարկուած է բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու։
7 էջնոց զեկուցումին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակուած է իբրեւ «ցաւալի իրադարձութիւններ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.