2011-02-22 13:40:05

Սֆէյր Պատրիարքի Մաղթանքները Պէյրութի Օդակայանը, նախ քան Հռոմ Մեկնումը։


Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը առջի օր Լիբանանէն մեկնեցաւ ն Հռոմ գալու համար. ներկայ ըլլալու՝ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր տեղի ունենալիք Մար Մարոնի յուշարձանին բացման պաշտօնական արարողութեան, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման։
Նախքան Հռոմ իր մեկնումը, Սֆէյր պատրիարքը մաղթեց, որ Մար Մարոնի յուշարձանին բացումը յաջողութիւն բերէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին՝ կառավարութեան կազմութեան անոր առաքելութեան մէջ։ Պատրիարքը յայտնեց, որ տակաւին իր եւ Միքաթիի միջեւ ոչ մէկ կապ հաստատուած է։
Անդրադառնալով իր հրաժարականին՝ Սֆէյր պատրիարք հաստատեց, որ ինք հրաժարած է իր պաշտօնէն՝ նախատեսելով, որ իր հրաժարականը ընդունուի Վատիկանի կողմէ։ Ան աւելցուց, որ յաջորդ պատրիարքը ինք չէ որ պիտի նշանակէ, այլ՝ Մարոնի համայնքի հոգեւոր Առաջնորդները, հաստատելով, որ ինք պիտի ողջունէ յաջորդ պատրիարքը, ո՛վ որ ալ ըլլայ ան։
Սֆէյր պատրիարքը նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կացութիւնը արաբական շատ մը երկիրներէ աւելի լաւ է, հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած հարցերուն եւ դժուարութիւններուն։
Ան աւելցուց, որ ինք կը զօրակցի Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ բոլոր միւս քաղաքական գործիչներուն սպանութեան դրդապատճառները, ինչպէս նաեւ զանոնք սպաննող ոճրագործներուն ինքնութիւնը։
Հըզպօլահի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Գալիլիան ազատագրելու կոչին նկատմամբ իր զօրակցութեան մասին ուղղուած հարցումի մը պատասխանելու ծիրին մէջ Սֆէյր Պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք մնայուն կերպով կը զօրակցին ազատագրութեան, ուր որ ալ ըլլայ ան, յատկապէս Լիբանանի մէջ, որպէսզի Լիբանանը մնայ ինչպէս որ է՝ իր բնական եւ սովորական սահմաններուն մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.