2011-02-22 13:51:25

Ռատիօ Վատիկանի Տնօրէն Հայր ֆետերիգօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։


''Եկեղեցին եւ Հիւանդները ''
Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի խնդրանքով է որ եկեղեցին ամէն տարի կը յիշատակէ ՜՜Հիւանդներու Համաշխարհային օրը՝՝ փետրուար ամսուայ մէջ, Լուրտի Տիրամօր տօնին օրը։ Հիւանդութիւնը մարդկային փորձառութեան էական մէկ մասն է, այնպէս որ կր դառնայ նաեւ Հաւատքի փորձառութեան էական մասը։
Ան կը հայի ամէն անհատի ուղակիօրէն կամ անուղակի կերպով եւ ծանր հետեւանք կը թողու հոգւոյն խորը դիմագրաւելով սէրը, յոյսը եւ նոյնիսկ հաւատքը։
Յիսուս Քրիստոս տառապեալներուն հանդէպ իր ուշադրութեամբ եւ իր անձնական չարչարանքով ու մահով` հիւանդներու համար ամենէն հաւատալի քաջալերանքը կը հանդիսանայ. այսպէս պէտք է ըլլայ նաեւ համայն Եկեղեցին, զօրակցութեան ու սիրոյ ոգեւորիչ ուժ մը՝ մարդկային հասարակութեան բոլոր ծաւալներէն ներս։
Կը պատրաստուինք երանացման արարողութեան Յովհաննէս Պօղոս Բ ին ` որ է հիւանդութիւնը հաւատքի աչքերով ապրող մեծ վկան ։Իր այս վկայութիւնը նաեւ կ՛ապացուցանէ իր սրբութեան կենցաղը։ Ինչպէս որ Քրիստոս կրեց իր խաչը ինք եւս բարեկամ է ու բարեխօս ամէն հիւանդի։
Սփոփանքէն անդին՝ կան պարտաւորութիւնները։
Պենետիկտոս ԺԶ. կ՛ըսէ << մարդկութիւնը կը սահմանուի տառապանքի եւ տառապողի հետ ունեցած կապի չափանիշով. ասիկա վաւեր է ըլլայ անհատին ըլլայ ընկերութեան համար։ Ընկերութիւն մը որ կարող չէ ընդունիլ տառապեալները եւ բաժնեկցիլ անոնց տառապանքը տմարդի է եւ անգութ։
Տառապանքը կր յարուցանէ սէր։ Վեհանձն սէր։ Առանց ցաւի ու տառապանքի չենք կրնար իմանալ սիրոյ խոր նշանակութիւնը։ Հայցենք հասկնալու եւ ապրելու զայն մարդկայնօրէն աճելու նպատակով։








All the contents on this site are copyrighted ©.