2011-02-22 13:53:21

Հոգեւոր համերգ Մոնրէալի մէջ, Գանատա


Շաբաթ, 26 փետրուարին երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Մոնրէալի սուրբ Յակոբ առաքելական եկեղեցւոյ, տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր համերգ մը, Մոնրէալի սուրբ Մարոն աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Լոռի Անթունեան, ղեկավարութեամբ իրեն պատկանող Իմբէրիալ նուագախումբին (Orchestra Imperial), եւ մասնակցութեամբ “Շար Ական” երգչախումբին, առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացնեն 12 շարականներ, Սարգիս-Վաչէ Պոյաճեանի հեղինակութեամբ։ Այս համերգին ելոյթ պիտի ունենան սոփրանօ՝ Արմինէ Գասապեան, թէնօր՝ Էլի Պէրպէրեան եւ (դաշնամուրի վրայ) Խաչատուր Ղազարեան։














All the contents on this site are copyrighted ©.