2011-02-22 13:53:14

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Այցելութիւնը Կիպրոս։


Վեհափառը Կիպրոսի մէջ 17-20, Փետրուար, նախագահեց միջ-եկեղեցական ու համայնքային շարք մը ձեռնարկներուն։
(ՄԱԵԽի)՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի վարչութեան հանդիպումին ՝ Վեհափառը որպէս որպէս ՄԱԵԽի նախագահներէն մէկը, գործօն մասնակցութիւնը բերաւ այս հանդիպումին, որու ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Խորհուրդին վարչական, ծրագրային, տնտեսական ու յարաբերական մարզերուն առնչուած շարք մը հարցեր ու ծրագիրներ նաեւ՝ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Խորհուրդի վերակառուցման գործընթացքը ինչպէս նաեւ՝ յառաջիկայ համաժողովի թուականն ու օրակարգի հարցերը: Արամ Ա. խօսեցաւ ՜՜ Արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային յեղափոխութեան մասին եւ անոր անդրադարձը թէ՜ Արեւելքի եւ թէ Արեւմուտքի մէջ՝՝ նիւթին մասին եւ թէ՝ Քրիստոնեայ եկեղեցիները անբաժան մասը կը կազմեն Միջին Արեւելքի հողին, մշակոյթին ու պատմութեան, եւ հետեւաբար՝ հակառակ դժուարութիւններուն պէտք է կառչած մնան շրջանին: Շեշտը դրաւ նաեւ՝ Քրիստոնէական միութեան ամրապնդման հրամայականին՝ հեռու մնալով ամէն տեսակ զգայնութիւններէ ու բեւեռացումներէ: Եւ ՄԱԵԽ-ին վերակառուցման անհրաժեշտութեան, նկատի ունենալով շրջանէն ներս տեղի ունեցող արմատական փոփոխութիւնները: Խօսք առին յաջորդաբար Խորհուրդի միւս ընտանիքներու նախագահները՝ Երուսաղէմի Յոյն Պատրիարք Թէոֆիլոս Բ., Լիբանանի Մարոնիներու Առաջնորդ Մաթար Արքեպիսկոպոս եւ Մունիպ Եունան Եպիսկոպոս Երուսաղէմի: Բոլորն ալ ընդգծեցին ՄԱԵԽ-ի ծիրէն ներս քրիստոնէական միութեան նոր շեշտ տալու հրամայական: Գործադիր Վարչութիւնը որոշեց Խորհուրդի յառաջիկայ համաժողովը գումարել ներկայ տարուան Օգոստոսին, դարձեալ Կիպրոսի մէջ:
Կիպրոս Կեցութեան ընթացքին Վեհափառը նախագահեց Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ Ս. պատարագին, որու ընթացքին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն: Վեհափառին պատգամին բնաբանն էր Քրիստոսի խօսքը՝ ՙԵս եկայ, որպէսզի կեանք ունենաք՚: Վեհափառը նախ յիշեցուց թէ քրիստոնէութիւնը ուսուցում կամ դաւանանք, սիստեմ կամ բարոյական համարգ չէ սոսկ, այլ կեանքի որակ է Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած: Անհրաժեշտ է համախմբուիլ Քրիստոսի ճշմարիտ կեանքը իր հաւատքի առաքելութեամբ մեր ժողովուրդին տանելու կոչուած եկեղեցւոյ շուրջ, մասնակից դառնալով մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան, ըսաւ Վեհափառը։ Սուրբ պատարագէն յետոյ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ: Արամ Ա. նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ, Կիպրոսի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. հերկելեանի ներկայութեան՝ Վարչական եւ Թեմական ժողովներու ատենապետներուն, Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ այլ կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ: Վեհափառը նախագահեց ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին, որուն ներկայ գտնուեցան թէ Կիպրահայ գաղութի թեմական իշխանութեան եւ թէ համայնքային ու կուսակցական կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները: Նաեւ այցելեց Նարեկ վարժարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ դպրոցի հոգաբարձութեան ու տնօրէնութեան հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.