2011-02-22 13:16:51

2011-ը ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻՆ (Հռչակուած Արամ Ա.Վեհափառի կողմէ )


Հայ մանուկին կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը`Դպրոցը։
Անցնող տարիներուն, Մեր պատգամներուն ու հրատարակութիւներուն մէջ երբ անդրադարձանք հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին ու հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան, ընգծեցինք հայ մանուկին քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան հրամայականը: Արդարեւ, մեր համայնական  կեանքի այս երեք նուիրական միջավայրերուն մէջ է որ տեղի կ’ունենայ վաղուան քրիստոնեային ու հայ մարդուն կրօնական ու հայեցի կազմաւորումը: Այլ խօսքով՝ այս երեք հոգեմտաւոր քուրաներուն մէջ է որ կը թրծուի հայ մանուկը մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով: Այսօրուայ մեր խօսքը Դպրոցի մասին է։
Երբ դպրոցի մասին յաճախակի առիթներով կ’անդրադառնանք, միշտ կը յիշեցնենք մեր կրթական պատասխանատուներուն թէ՝ հայ դպրոցին կոչումը սոսկ ծանօթութիւն փոխանցել չէ, գիտութիւն ջամբել չէ, այլ հայ մանուկին հոգեւոր ու բարոյական կրթութիւնն է: Հո՜ս է հայ դպրոցին գոյութեան պատճառը, անոր նպատակը: Մեր ժողովուրդին համար հայ դպրոցը է՜ եւ կը մնա՜յ, ընտանիքի ու եկեղեցւոյ կողքին, վաղուան հայ մարդը քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեամբ շաղախելու կոչուած սրբազան առաքելութիւն: Արդ, ընդունելի չէ, բոլոր պայմաններուն մէջ, ոե՜ւէ նահանջ կամ զիջում այս ուղղութեամբ:
Հայ ուսուցչին առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է հայ մանուկին դաստիարակութիւնը: Ուսուցիչը հայ մանուկին երկրորդ ծնողքն է: Մանկապարտէզի փոքր դասարաններէն սկսեալ մանուկը իր ծնողքին կողքին իր դիմաց կը տեսնէ իր ուսուցչուհին եւ կը հետեւի անոր՝ եւ նո՜յնիսկ անոր խօսելակերպին ու շարժումներուն: Արդ, ուսուցչուհին տիպարն է մանուկին: Անոր դերը մանուկի դաստիարակութեան մէջ այնքան ազդեցիկ է, որ երբ մանուկը մեծնայ, նոյնիսկ իր յառաջացեալ տարիքին մէջ չի մոռնար դպրոցի իր ուսուցչուհիները:
Հայ դպրոցին ցուցաբերած հոգածու խնամքը հայ մանուկին նկատմամբ, Մենք բարձրօրէն կը գնահատենք: Սակայն կը սպասենք աւելի՜ն: Քաջ գիտենք, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ մանուկը կրթելը դիւրին չէ. սա լուրջ մարտահրաւէր մըն է: Հայ մանուկին անմիջական միջավայրը այնքա՜ն լեցուն է ախտավարակ երեւոյթներով, երբեմն անոր աչքերուն դիմաց կը պարզուին այնպիսի տեսարաններ ու ականջներուն կը հասնին այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնք մանուկին կողմէ սպունքի նման ծծուելով՝ իրենց ժխտական հետեւանքները կ’ունենան անոր նկարագրի կազմաւորման մէջ: Հետեւաբար, չի՜ բաւեր միայն մանկավարժական նոր մեթոտներու դիմել կամ միայն ծնողական ժողովներու ճամբով յիշեցումներ կատարել: Անհրաժեշտ է մեր ճիգը կրկնապատկել հայ մանուկին կրթութեան աշխատանքներուն մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.