2011-02-20 12:40:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։

կիրակի 20 փետրուար Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց այսօրուան Աւետարանի բացատրութեամբ, ուր ս. Գրային ընթերցումները կը խօսին Աստուծոյ կամքը կատարելու անհրաժեշտութեան վրայ որպէսզի կարենանք մասնակից դառնալ Աստուծոյ Կեանքին. ''Եղէք սուրբ որովհետեւ, ես ձեր Տէր Աստուածը, սուրբ եմ''։ Այս խօսքով Տէրը իր ընտրեալ ժողովուրդէն կը խնդրէ որ հաւատարիմ մնայ ուխտին, Աստուծոյ հետ ընթանալով արդարութեան ու սիրոյ ճանապարհի վրայ։ Յիսուս մեզի կ'ըսէ եղէք կատարեալ ինչպէս Հայր Աստուածը կատարեալ է։
''Սակային ո՞վ կարող է կատարեալ, ըլլալ հարց կու տայ սուրբ Կիպրիանոսը մատնանշելով թէ մեր կատարելիութիւնը կը կայանայ ապրիլ որպէս Աստուծոյ Որդիներ լիապէս կատարելով Աստուծոյ կամքը''։
Ի՞նչպէս կարելի է Յիսուսի նմանիլ , հարց կու տայ Սրբազան Քահանայապետը։ Յիսուս մեզի կ'ըսէ. ''սիրեցէք ձեր թշնամիները, աղօթեցէք ձեզ հալածողներուն համար, որպէսզի ըլլաք զաւակները Երկնաւոր Հօր''։ Ով որ կ'ընդունի Տէրը իր կեանքին մէջ եւ բոլոր սրտով սիրէ զայն կարող պիտի ըլլայ նոր կեանք մը սկսելու։ Պօղոս առաքեալը իր կարգին` Կորնթացիներու ուղղած նամակով կը գրէ ''չէք գիտ՞եր թէ դուք Աստուծոյ տաճարներ էք եւ թէ Սուրբ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ''։ Պօղոս առաքեալը կը հաստաէ ''Սէրը` օրէնքին լիութիւնն է''
Ապա Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ըսաւ 22 փետրուարին եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Պետրոս տաճարի տօնը։ Ս. Պետրոս եղաւ առաջինը առաքեալներու, Յիսուս անոր յանձնեց պարտականութիւնը հովուելու եւ առաջնորդելու Աստուծոյ ժողովուրդը դէպի երկինք։ Կը յորդորեմ Եկեղեցւոյ բոլոր հովիւները, առաքեալներու նմանութեամբ, ըլլալու այլ ոմն Քրիստոս ։ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը հայցենք` ան եղաւ մայրը Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ, որպէսզի մեզի սորվեցնէ իրարզիրար սիրել ու իրարզիրար ընդունիլ որպէս եղբայրներ` որդիները երկնաւոր Հօր։

Իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.