2011-02-20 09:15:17

Հայազգի Հայկուհի Թաթարեան Գծանկարչութեան Աստղ մը։


ԱՄՆ-ի «Փասիֆիք տիզայն սենթըր» արուեստի կեդրոնին մէջ տեղի կ՝ունենայ 20 յունուարէն մինչեւ յառաջիկայ 4 Մարտը «Ստակատօ» խորագիրով ցուցահանդէսը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են խումբ մը արուեստագէտներ, որոնց շարքին հայազգի երիտասարդ նկարչուհի Հայկուհի Թաթարեան։ Իր գործերուն մէջ հայազգի արուեստագիտուհին կ՚անդրադառնայ քաղաքական-հասարակական իրադարձութիւններուն, զինք մտահոգող թեմաներուն։ Ան շեշտը կը դնէ նաեւ հայկականին վրայ։ Ունի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած շարք մը։ Հայկուհի Թաթարեանի պաստառները ներկայացուած են տարբեր ցուցասրահներու մէջ: Ան նաեւ դափնեկիր է բազմաթիւ մրցանակներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.