2011-02-20 09:15:33

Թուրքիոյ Նախագահ Կիւլ Լիբանանի մէջ 26 Ապրիլին։


Յառաջիկայ 26 ապրիլին Թրիփոլիի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՝՝մաուլաուիական- սուֆիականութեան յատուկ աղօթատեղիի մը վերաբացումը՝՝ ձեռամբ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի։ Սոյն աղօթատեղին, որ կառուցուած է 1519-ին՝ Օսմանեան կայսրութեան ներկայացուցիչ Սամունճի Ալիի կողմէ, վերանորոգումի հանգրուան մուտք գործած է 2004-ին, երբ թրքական պետութեան «Թիքա» հաստատութիւնը ստանձնած է մաուլաուիական այդ աղօթատեղիին վերանորոգումը, որուն համար տրամադրած է 500 հազար տոլարի գումար մը։
«Թրքական իշխանութիւններուն ֆինանսաւորած մաուլաուիական սուֆիականութեան այս աղօթատեղին կը նկատուի կարեւոր սրբավայր մը», կ՚ըսէ Թրիփոլիի քաղաքապետարանի հնութիւններու եւ աւանդութեանց յանձնախումբի նախագահ Խալետ Թատմուրին, դիտել տալով, որ այդ աղօթատեղիին բացումը պատմական իրադարձութիւն մը պիտի ըլլայ Լիբանանի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.