2011-02-19 12:50:59

Քահանայապետական 2011 Տարեցոյցի Ներկայացում։


Շաբաթ 19 փետրուար 2011-ի՝ առաւօտեան ժամը 11ին, Վատիկանի Պետական քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ , ընկերակցութեանբ Գերապայծառ ֆերնանտօ ֆիլոնիի, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուց Քահանայապետական 2011-ի Տարեցոյցը։
Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց, ստացած նուէրին համար եւ գնահատեց բոլոր անոնք որոնք աշխատեցան իրագործելու 2011-ի Քահանայապետական Տարեցոյցը։
Թերթատելով Հատորը, կարելի է իմանալ եկեղեցւոյ հայող բոլոր նորութիւնները։
2010 տարեշրջանին Սրբազան Քահանայապետը հաստատած է 10 նոր եպիսկոպոսական աթոռներ, մէկ նոր էքզարքութիւն ու մէկ նոր առաջնորդութիւն։
Ի յայտ կու գայ նաեւ թէ՝ մկրտուողներու թիւը 1.3 տոկոսով բարձրացած է։
Նոյն տոկոսով եպիսկոպոսներու թիւը նաեւ բարձրացած է, իսկ քահանաներու թիւին յաւելումը աշխարհին մէջ, աւելի քան 1,4 առ հարիւր տոկոս կ։արձանագրէ։ Քահանայապետական տարեցոյցը շատերուն համար արժէքաւոր անբաժան-ընկեր մըն է, որ կը ցոլացնէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրավիճակը։
Աւելի քան 2000 էջնոց այս կարմիր գիրքին մէջ, պատկերացուած են ՜՜կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետութիւնները, կառոյցներն ու վիճակագրութիւնները՝՝։









All the contents on this site are copyrighted ©.