2011-02-19 12:54:29

ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐ


Ս. Սարգիս զօրավարը իր որդիի՝ Մարտիրոսի եւ 14 քաջ մարտիկներու հետ նահատակուած է յանուն քրիստոնէական հաւատքի։
Արիութեան համար Ս Սարգիսը Մեծն Կոստանդիանոս կասեր (285-337) կողմէն կարգուած է իշխան եւ սպարապետ՝` Հայաստանին սահմանակից Կապադովկիայի մէջ։ Ան ոչ միայն գերազանց սպարապետ էր, այլեւ հիանալի քարոզիչ։ Օգտուելով կայսերի յօժարութենէն՝` իր իշխանութեան տակ գտնուող քաղաքներու մէջ քանդած է մեհեաններ, կառուցած եկեղեցիներ, տարածած քրիստոնէութիւնը։ Երբ Յուլիանոս Ուրացողի թագաւորութեան օրերուն (360-363) սկսած են Քրիստոսի եկեղեցւոյ հալածանքները, Ս Սարգիսը, աստուածային յայտնութեամբ հրաման առնելով հեռանալ կայսրութեան սահմաններէն, իր որդի Մարտիրոսի հետ եկած, ապաստանած է քրիստոնեայ Հայաստանի մէջ, ուր կը թագաւորոէր Տիգրան արքան՝` Մեծն Տրդատի թոռը՝` Խոսրովի որդին։ Տեղեկանալով, որ Յուլիանոսը մեծ զօրքով կը շարժէր Պարսկաստանի վրայ, Հայոց արքան, ձգտելով իր երկիրը զերծ պահել յարձակման վտանգէն, յորդորած է Սարգիսին ծառայութեան անցնիլ Շապուհի մօտ։
Շապուհը սիրով ընդունած է Ս Սարգիսին եւ նշանակած է զայն զօրագունդերու հրամանատար։ Զօրականներէն շատերը, տեսնելով փայլուն զօրավարի բարեպաշտութիւնն ու վարքով վկայած նուիրումն առ Աստուած, իր աղօթքներով Տիրոջ գործած հրաշքները, հրաժարեցան հեթանոսութենէն եւ դառձան քրիստոնեայ։ Սակայն Շապուհը պահանջած է անոնցմէ պաշտել կրակը եւ զոհ մատուցանել։ Զօրավարն անմիջապէս մերժած է ասիկա՝` ըսելով ,Երկրպագելի է մէկ Աստուած՝` Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, որ ստեղծած է երկինքն ու երկիրը։ Իսկ կրակը կամ կուռքերը ի բնէ աստուածներ չեն, հողեղէն մարդը ասոնք կարող է փչացնել։ Այդ խօսքերէն յետոյ Ս. Սարգիսը կործանած է բագինը։ Զայրացած ամբոխը յարձակած է Ս. Սարգիսի եւ անոր որդիի վրայ։ Առաջինը նահատակութեան պսակն ընդունած է անոր որդին՝` Մարտիրոսը։ Ս Սարգիսը բանտարկուած է եւ աներեր մնալով իր հաւատքի մէջ՝` գլխատուած։ Նահատակութենէն յետոյ Ս. Սարգիսի մարմնի վրայ լոյս ծագած է։ Քրիստոնէական հաւատքի համար նահատակուած են նաեւ Ս Սարգիսի հաւատարիմ տասնչորս զինուորները։ Հաւատացեալները նահատակներու մարմիններն ամփոփած են Համիան քաղաքին մէջ։
Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը ս. Սարգիսի մասունքները բերած է Կարբի (Աշտարակի շրջան)՝` եւ կառուցած երանելիի անունը կրող եկեղեցի։
Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ ժողովրդական սովորութներով ու նուիրական աւանդութիւններով։ Ս Սարգիս զօրավարը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է։ Անոր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ'ունենան։ Այդ օրը երիտասարդները կ'աղօթեն Սուրբին, որ իրենց աղօթքները հասցնէ առ Աստուած։ Ս Սարգիսը սիրոյ երազանքն իրականցնող Սուրբ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.