2011-02-19 12:53:16

Թունիզի - Մանուպայի Շրջանի Մէջ Սալեզեան Միաբան Քահանայ Մը Սպաննուած Է։


Ուրբաթ 18 փետրուարի առաւօտեան Թունիզի Մանուպա շրջանի Սալեզեան դպրոցի մէջ, Լեհ քահանայ Հ. Մարէք Րիպինսքիի դիակը գտնուեցաւ սենեակի մը մէջ։
Հայր Րիպինսքիի եղբայրակիցները զինք վերջին անգամ տեսած էին չորեքշաբթի 17 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10ին։
Զգալով անոր բացակայութիւնը երեկոյեան ժամերգութեան եւ երկրորդ օրուայ պատարագին, Մանուպայի Սալէզեաններու Տնօրէնը՝ Հայր Լաուրէնս Էսսէրին ոստիկանութեան լուր տուած է, որոնք փնտռտուքներ սկսած են կատարել ու մի քանի ժամ ետք՝ Հայր Րիպինսքիի անշունչ մարմինը գտած են երկրորդական սենեակի մը մէջ կոկորդէն մորթուած։
Ասիկա երկրորդ կրօնաւորն է որ կը սպաննուի այս վերջին շրջանին։
Հայր Րիպինսքին 33 տարեկան էր` ծագումով Լեհ է Վարսավիայէն։
Քահանայ ձեռնադրուած էր 2005ին եւ 2007էն ի վեր կը ծառայէր Շանուպայի առաքելութեան մօտ։
Անցեալ 31 յունուարին՝ Տօն Պոսքոյի տօնին օրը, Միաբանները դրան տակը գտած էին նամակ մը, որուն մէջ մահուան սպառնալիքներ կային կրօնաւորներու դէմ։ Ոստիկանութիւնը տակաւին ոչ մէկ յայտարարութիւն ըրած է դէպքին նկատմամբ , որ կը մնայ անստոյգ վիճակի մէջ , ունենալով՝ գողութեան կամ կրօնական մոլեռանդութեան տարակուսելի դրդապատճառներ։
Ուրբաթ 18 փետրուարի երեկոյեան Թունիզի Արքեպիսկոպոսը՝ Մարուն Էլիաս Լահհամ, հոգեհանգստեան պատարագ մատոյց Հայր Րիպինսքիի դիտաւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.