2011-02-19 12:55:40

Դասախօսական հանդիպում Լիբանանի Մէջ։


Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, եւ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ Չորեքշաբթի, 16 փետրուարին՝ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը «Մանուկներու եւ պատանիներու վատ սովորութիւններ, մոլութիւններ» նիւթով, զոր ներկայացուց հոգեբան Նաթալի Տէր Սահակեան-Այվազեան։ Դասախօսը նախ ներկայացուց մեր ընկերութենէն երեք տարբեր պարագաներ՝ լաւ օրինակ ծառայելով քննարկումի եւ վերլուծումի համար. նշելով անոնց պատճառներն ու հետեւանքները տալով նաեւ կարգ մը թելադրանքներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.