2011-02-19 12:55:03

19 Փետրուարը Գիրգ նուիրելու Միջազգային օրն է


Արդէն քանի մը տարի է՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 19 փետրուարը յայտարարած է Գիրք նուիրելու համաշխարհային օր: Ամբողջ աշխարհի գրասէր հասարակութիւնը տարբեր ձեւերով կը նշէ այդ օրը:
Մեզ՝ հայերուս համար օրը կրկնակի արժէք կը ստանայ, քանի որ այդ օրը նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրն է:
Օրուան հռչակումը միջազգային միութիւններու միակ նախաձեռնութիւնը չէ՝ կապուած գիրքի հետ. Միջազգային հրատարակիչներու ընկերակցութիւնը, Միջազգային գրավաճառներու համադաշնակցութիւնը, (IBF) եւ Գրադարաններու ընկերակցութեան միջազգային համադաշնակցութիւնը ամէն տարի որեւէ քաղաք կը հռչակեն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք: Անցեալ տարի Համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք հռչակուած է Սլովենիայի Լիւպլիանա քաղաքը, այս տարի՝ Արժանթինի Պուէնոս Այրեսը, իսկ արդէն յայտնի է, որ 2012 թուականին այդ պատուին կ՚արժանանայ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը:
Մօտակայ ամիսներուն կայ եւս մէկ տօն՝ կապուած գիրքի հետ. 2 ապրիլը կրկին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ յայտարարուած է Գիրքի եւ տպագրութեան համաշխարհային օր:








All the contents on this site are copyrighted ©.