2011-02-18 13:01:53

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Ուրբաթ 18 փետրուարի յետ միջօրէին՝ Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալական դեսպանութեան մէջ տեղի կ՛ունենան Իտալիոյ եւ Վատիկանի Պետական Բարձրաստիճան ներակայացուցիչներու հանդիպումներ՝ նշելու համար Լատերանեան դաշինքի ստորագրութիւնը եւ անոր վերատեսութիւնը։

Հռոմի Սուրբ Անտոն եւ Աննիպալէ Մարիա ժողովրդապետութեան մէջ, աղօթքի հսկումի երեկոյ մը կազմակերպուած է <<քրիստոնեայ ընտանիքներու աղօթքը քահանայական կոչումներու համար>> նիւթով։ Հսկումի երեկոն նախաձեռնուած է Հռոմի թեմի ՜՜կոչումներու կեդրոնի՝՝ եւ ՜՜Ընտանիքներու Սէր՝՝ շարժումի կողմէ։ Աղօթքը կը նախագահէ Հռոմի օգնական եպիսկոպոսը գերապայծառ Ճիուզեփփէ Մարչիանդէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.