2011-02-18 12:36:03

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Այցելութիւնը՝Երեւան։


Երեւան գտնուող Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Ժիեչի յայտարարեց, որ Չինաստան շահագրգռուած է Հայաստանի հետ բազմակողմանի համագործակցութեամբ, որ լուրջ ներուժ եւ հեռանկարներ ունի։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ բանակցութիւններուն աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Եանկ Ժիեչի յայտարարեց որ Չինաստանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու գոյութեան 19 տարիներուն ընթացքին, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները հիմնուած են հաւասարութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան վրայ։ Ըստ անոր, այսօր Հայաստան եւ Չինաստան վստահելի բարեկամներ եւ գործընկերներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.