2011-02-18 12:43:00

Ղարաբաղեան Տագնապի Շուրջ Կ՝արտայայտուի ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը։


ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աուտորնիոս Աժուպալիս վերջերս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին ժամանակ յայտարարած է որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ աճող լարուածութիւնը անհանգստութիւն կը յառաջացնէ։
Ըստ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին Աժուպալիս յայտնած է որ «Մինսքի խմբակի աշխուժ մասնակցութեան միջոցով այս ձգձգուող տագնապին լուծման հասնելու ԵԱՀԿ-ի դերը պիտի պահպանուի։ Ես կողմերուն կոչ կ՚ուղղեմ ձեռնարկելու վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ միջոցներուշ ներառեալ՝ շփման գիծէն արձակազէններու անյապաղ դուրսբերումը եւ հսկողութեան գծով ԵԱՀԿռի գործոնէութեան ամրապնդումը»։








All the contents on this site are copyrighted ©.