2011-02-18 13:02:55

Թուրք Ազգայինները Դարձեալ Յարձակում Կատարած Են Տրապիզոնի Եկեղեցւոյ Դէմ` Նախայարձակումներու Երկար Շարք մը Թուրքիոյ Քրիստոնեաներու Դէմ։


Երեքշաբթի 15 Փետրուարին, թուրք ազգայիններ յարձակում կատարած են Տրապիզոնի կաթողիկէ Սուրբ Կոյս Մարիամի եկեղեցւոյ դէմ, կը հաղորդագրէ թուրք մամուլը։ Այս եկեղեցւոյ մէջ որ 5 փետրուար 2006ին սպաննուեցաւ իտալացի հայր Անտրէա Սանդորոն, որ այնտեղ երեք տարիէ ժողովրդապետի պաշտօնը կը կատարէր։ Մամուլին համաձայն թուրք ազգայիններ եկեղեցւոյ բակը հաւաքուեցան ու պահանջեցին խաչը վերցնել եկեղեցւոյ գմբէթի վրայէն։ Անոնք հակաքրիստոնէական լոզունքներ բանաձեւած են ու մոլոդով ռումբեր արձակած՝ կաթողիկէ եկեղեցւոյ բակը բարձրաձայն գոչելով ՜՜ եթէ խաչը վար չառնէք ,մենք զայն վար կ'առնենք ՝՝։ Տեղացի կաթողիկէ հաւատացեալները այնտեղ վախի մէջ կ'ապրին։ Թէեւ 1982-ի թրքական սահամանադրութիւնը կը հաստատէ ՜՜պետութեան աշխարհիկ վարչաձեւը՝՝ եւ կ'երաշխաւորէ ՜՜կրօնական ազատութիւնը՝՝ սակայն քրիստոնեաները, տարիներէ ի վեր, թիրախ են մահմետական ծայրայեղներուն։ Նշենք թէ Թուրքիան մահմետական երկիր մըն է որ կը ձգտի մաս կազմել Եւրոպայի միութեան։
Թուրքիոյ մէջ, այս վերջին տարիներուն, տեղի ունեցան բազմաթիւ յարձակումներ եկեղեցականներու դէմ, Փարիզի Oeuvre d’Orient-ի համաձայն Թուրքիոյ կաթողիկէներու թիւը կը հասնի շուրջ 24 հազարի։ Հաւատացեալները կը պատկանին, հայ, ասորի, գաղդիացի եւ լատին համայնքներու։ Իսկ օրթոտոքս եկեղեցիներու հաւատացեալներու թիւը աւելի քան 100 հազար է, բոողոքականները աւելի քան 5 հազար։








All the contents on this site are copyrighted ©.